Իրանի ԱԳՆ-ն հանդես է եկել պաշտոնական հայտարարությամբ, որով դատապարտել է հունիսի 26-ին երկրի հարավային ափամերձ շրջանների օբյեկտներին ԱՄՆ-ի հասցրած ավիահարվածները։ Թեհրանը Վաշինգտոնի գործողություններն անվանել է հունիսի 18-ին ստորագրված փոխըմբռնման հուշագրի խախտում և ընդգծել, որ իրանական զինված ուժերի պատասխան գործողություններն իրականացվել են ինքնապաշտպանության իրավունքի շրջանակներում:               
 

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարիւրամեակը՝ յիշատակում եւ ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլական

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարիւրամեակը՝ յիշատակում եւ ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլական
28.06.2026 | 10:34

Յունիս 25-27, 2026ի օրերուն, Կիպրոսի տեղական եւ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր՝յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւր ամեակը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ՝որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութի հետ եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր՝արժեւորելով վարժարանին դերը ազգային-կրթական մեծ առաքելութեանը մէջէն՝ պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին։ Մեծ «պրաւօ» մը Կիպրահայ գաղութին՝որ շատ գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կազմակերպած էր հանդիսութեան այս օրերը՝ստեղծելով յիշատակելի մթնոլորտ բոլորին։

Բայց կայ զգացական մթնոլորտէն եւ գեղեցիկ յիշատակումներէն անցնելու դէպի գործնական եւ ազգային համասփիւռքեան ռազմավարութեան նոր տեսլականի մը անհրաժեշտութիւնը եւ գրաւականը։

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը պարզապէս անցեալի փառքը յիշելու առիթ մը պէտք չէ որ ըլլայ։ Անիկա նաեւ ազգային նոր ռազմավարութեան մը ստեղծելու պահն է։ Այս օրերուն, երբ մեծ թիւով Մելգոնեանցիներ, նախկին ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հայորդիներ համախմբուեցան յիշողութիւններու, զգացումներու եւ երախտագիտութեան շուրջ, անհրաժեշտ է, որ այս ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը վերածուի գործնական ազգային ռազմավարութեան։ Հարցը այլեւս միայն Մելգոնեանի պատմութիւնը չէ, այլ՝ Մելգոնեանի միջոցաւ եւ անոր հետ համասփիւռքեան ազգային ռազմավարութեան մը տեսլական- ապագան մտածելու առիթ։

Երկար տարիներ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եղաւ սփիւռքահայութեան յաջող համահայկական կրթական փորձառութիւններէն մէկը։ Ան ոչ միայն դպրոց էր, այլ նաեւ ազգային դարբնոց, ուր տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդներ կը սորվէին ապրիլ իրարու հետ, կը կազմաւորէին ազգային ինքնութիւն եւ կը պատրաստուէին ծառայելու իրենց գաղութներուն եւ համայնքներուն։ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը կը մարմնաւորէր այն գաղափարը, որ սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն է եւ իր զաւակները պէտք է դաստիարակուին համազգային տեսլականով։

Այսօր՝ սփիւռքի իրականութիւնը նաեւ փոխուած է։ Տասնամեակներ շարունակ կարծեցինք, թէ սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ մըն է, որ օր մը պիտի աւարտի զանգուածային վերադարձով։ Ներկայիս՝ պատմութեան ընթացքը ուրիշ ուղղութեան մը մէջ է։ Այսօր արդէն յստակ է, որ սփիւռք(ներ)ը կը դառնայ-դառնան հայ ժողովուրդի մնայուն ներկայութիւններէն մէկը։ Անոր-անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ ձուլում, լեզուի կորուստ, ինքնութեան նահանջ եւ ազգային արժէքներու տկարացում, պահանջ կը ներկայացնեն նոր մտածողութեան-ռազմավարութեան մը եւ զայն իրականացնելու համար ստեղծելու նոր հիմնարկ-միաւորներու։

Այս պայմաններուն մէջ Մելգոնեանի վերաբացումը պէտք է դիտուի ոչ թէ որպէս զգացական արդարացում կամ անցեալի սխալ(՞) որոշումի ետդարձ, այլ որպէս ազգային ռազմավարական անհրաժեշտութիւն։ Համասփիւռքեան կրթական կեդրոնի մը գոյութիւնը կրնայ դառնալ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի վերակազմակերպուի ապագայի սփիւռքեան ղեկավարութեան պատրաստութիւնը։ Այսպիսի հաստատութիւն մը կրնայ ընդունիլ աշակերտներ աշխարհի տարբեր գաղութներէն, զանոնք կրթել բարձր մակարդակով, ամրապնդել հայերէնը, ազգային գիտակցութիւնը եւ ծառայութեան ոգին, ապա վերադարձնել զանոնք իրենց համայնքներ՝ իբրեւ պատրաստուած առաջնորդներ։Մնայուն հայկական սփիւռք-սփիւռքներու համար պէտք է արտադրել ազգային նոր մշակոյթ ու դիմագիծ՝որ կը համընկնի աշխարհի ստեղծած նոր իրավիճակներու մէջ։

Այս իմաստով՝ Մելգոնեանի վերաբացումը ինքնանպատակ չէ ու չի կրնար ըլլալ։ Անիկա պէտք է հիմնուի ժամանակակից տեսլականի վրայ։ Նոր Մելգոնեանը պէտք է ըլլայ ոչ միայն երկրորդական կրթական հաստատութիւն, այլ նաեւ ուսուցիչներու պատրաստութեան կեդրոն, սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու օճախ, երիտասարդական առաջնորդութեան ակադեմիա, համահայկական համագործակցութեան հարթակ ու տակաւին։ Այսօրուան աշխարհը կը պահանջէ նոր հմտութիւններ, նոր կրթական մօտեցումներ եւ նոր ցանցեր, որոնց ստեղծման մէջ Մելգոնեանը կրնայ դարձեալ առաջատար դեր ստանձնել։

Բնականաբար, այսպիսի ծրագիր մը կը պահանջէ քաղաքական կամք, ազգային համաձայնութիւն եւ նիւթական մեծ միջոցներ։ Բայց ամէնէն առաջ կը պահանջէ հաւատք, որ սփիւռքը արժանի է երկարաժամկէտ ներդրումի։ Եթէ կը հաւատանք, որ սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ հայկական իրականութեան հիմնական եւ մնայուն սիւններէն մէկը, ապա չենք կրնար զայն ձգել առանց համազգային կրթական, մշակութային եւ ազգային կեդրոններու ու հիմնարկներու ծրագրումին։

Այս բոլորին վրայ արժէ աւելցնել Մելգոնեանի աշխարհագրական դիրքը եւ վայրը։ Կիպրոսի հանրապետութիւնը՝որ Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ է՝առանձնաշնորհուած է աշխարհաքաղաքան շատ կարեւորր եւ դիպուկ վայրով մը։ Մէկ կողմէ Կիպրոս շատ մօտ է միջին արեւելքի ու տակաւին կամուրջ է եւրոպայի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու հետ։ Եւ ինչ խօսք որ՝ Կիպրոսի հանրապետութիւնը բարեկամ երկիր է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի՝ստեղծելով շատ ջերմ յարաբերութիւններ Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի տարբեր զանգուածներու հետ։

Ուստի՝ Մելգոնեանի հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի յուշերով, հանդիսութիւններով եւ զգացական խօսքերով։ Այդ բոլորը շատ լաւ են եւ կարեւոր։ Այս պահը պէտք է վերածուի կազմակերպուած առաքելութեան՝ յստակ նպատակով, լայն համախմբումով եւ գործնական քայլերով։ Հարիւրամեակը պէտք է դառնայ մեկնակէտ, ոչ թէ եզրակացութիւն։

Մելգոնեանը արժէ վերաբանալ ոչ միայն որովհետեւ անցեալին մեծ ծառայութիւն մատուցած է, այլ որովհետեւ ապագային կրնայ դարձեալ ծառայել։ Ազգեր, որոնք կը մտածեն իրենց վաղուան օրուան մասին, կը կառուցեն միտք եւ տեսլական։ Եւ միտքը ու տեսլականը իրականացնելու համար պէտք է հաստատութիւններ։ Այս իմաստով հայը՝ եթէ իսկապէս կը հաւատայ սփիւռքի շարունակական առաքելութեանը, պէտք է մտածէ վերաբանալու Մելգոնեանը՝ որպէս համասփիւռքեան ազգային կեանքի համար մէկ նոր ռազմավարական դարբնոց։

Հայկական սփիւռքի մնայուն կարգավիճակը կամրապնդուի՝եթէ ամեակները կրնանք վերածել յիշատակումներէ դէպի ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլականներու իրականացմանը։ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը մէկ կարեւոր միաւորն է այս իմաստով։

Եթէ կուզենք հայուն կեանքը դնել պատմութեանը շարունակականութեան գործընթացի մէջ՝պիտի հաւատանք ծրագրուած աշխատանքի։

Եւ աշխատանքը կը ներառէ կամք։

Եւ ուր որ կամք կայ՝հոն կեանք կայ։

Հայուն կեանքը…

Նիկոսիա, Յունիս 2026

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Դիտվել է՝ 265

Մեկնաբանություններ